2012-09-19 12:25:41

«Ֆաշի՛ստ Ալիեւ, դո՛ւրս Ֆրանսայէն»։ Փարիզի Մէջ Բազմամարդ Ցոյց` Իլհամ Ալիեւի Ֆրանսա Այցելութեան Դէմ:


Երեքշաբթի 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան Փարիզի ատըրպէյճանական դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած էր Ֆրանսահայ Ընկերակցութիւններու Համակարգող Խորհուրդին կողմէ, Իլհամ Ալիեւի Փարիզ այցելութեան առթիւ։
Հարիւրաւոր ցուցարարներու կողքին ցոյցին կը մասնակցէին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ռընէ Ռուքէ եւ Վալերի Պուայէ, որոնք խօսք առնելով դատապարտեցին Ատրպէյճանի կեցուածքը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի պայքարին։ Խօսք առին նաեւ Արա Թորանեան, Յարութ Մարտիրոսեան, Հրաչ Վարժապետեան եւ Մուրատ Փափազեան։
Ցոյցին մասնակցեցան ե՛ւ ձախակողմեան, եւ աջակողմեան ֆրանսացի քաղաքական գործիչներ եւ խորհրդարանականներ, որոնք կողմնակից են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի հայոց թեմի Առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան:
Խօսք առին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի զոյգ համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, Հայ դատի յանձնախումբին անունով Յարութ Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, եւ երեք երեսփոխաններ` Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ, Ֆրանսուա Ռոշպլուա (աջակողմեան) եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա – Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով Ռընէ Ռուքէ:
Մինչ այդ, ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուա ափսոսանք յայտնեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի Փարիզ այցելութիւնը Սաֆարովի գործին պատճառով չէ յետաձգուած: Ան իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի այցելութիւնը չ՛ողջունուիր, որովհետեւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մարդասպան Սաֆարովին ներելու մասին անոր որոշումէն քանի մը օր անցած է, եւ որոշումը ընդունելի չէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.